2014-12-06 13:55:36

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը` ''Երբեք չմոռնալ արդի ստրուկներու տառապանքը''։


(Ռ.Վ 6 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 5 դետկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կարճ պատգամ մը ուղարկած է Սանթա Մարթայի գերեվաճառութեան դէմ պայքարող Խմբակի միջազգային երկրորդ համագումարին, որ տեղի կ՝ունենայ Լոնտոնի մէջ Ուրբաթ 5 Դեկտեմբերէն մինչեւ Շաբաթ 6 Դեկտեմբեր։

Սրբազան Քահանայապետը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ համաժողովի բոլոր ներկաներուն այս չարիքի դէմ պայքարը յառաջ տանելու իրենց վճռակամութեան եւ յանձնառութեան համար։ Այն պայքարը, որ սկիզբ առած էր տարւոյս Ապրիլ ամսոյն Վատիկանի մէջ գումարուած համաժողովին։՚

Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ՝ երկխօսութիւնը յառաջ տանելու ձեր ճիգերը՝ գտնելու համար օրինական դարմաններ մարդկային էակներու վաճառքի դէմ, եւ հայթայթելու անհրաժեշտ օգնութիւններ անոնց, որոնք ենթարկուած են այս ստրկութեան՝ մեծապէս կարեւոր են, որովհետեւ այս ոճիրը ունի թաքուն բնոյթ։ Պէտք չէ երբեք մոռնանք եւ ոչ ալ անտեսենք շատ մը այր մարդոց, կիներու եւ երեխաներու տառապանքը, որոնց մարդկային արժանապատուութիւնը կը բռնաբարուի այս չարաշահումի միջոցաւ։՚

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարին, մայրաքաղաքի ոստիկանապետին, Անգլիոյ եւ Ուելսի եպիսկոպոսական ժողովին՝ այս ձեռնարկի առիթով եւ կը կրկնէ, որ ՙԵկեղեցին հաստատուն կը մնայ իր յանձնառութեան մէջ՝ պայքարելու մարդկային էակներու վաճառքին դէմ եւ այս համաճարակի զոհերու աջակցութեան մէջ։՚







All the contents on this site are copyrighted ©.